Որոնում

120

1. Ո՜վ բարերար, Փրկիչ Աստուած,
Քեզ կանչեցի խորունկ տեղէն,
Տէ՛ր, աղօթքիս ձայնին լսէ
Եւ աղաղակս մտիկ ըրէ։

2. Եւ Տէր Փրկիչ, թէ որ յիշես
Մեր չարութիւնն ու մեղք սեպես,
Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ առջեւդ կենալ
Եւ փրկութիւն Քեզմէ յուսալ։

3. Բայց թողութիւն Քովդ է լեցուն
Պատրաստուած՝ ամէն մարդուն,
Որպէս զի ան Քեզմէ վախնայ,
Ամէն բարիք Քեզմէ յուսայ։

4. Ես միշտ Տէրոջս կը սպասեմ,
Իմ սիրտս Անոր կը նուիրեմ,
Անոր խօսքին միշտ կը յուսամ,
Քանզի Անով կեանք կունենամ։

5. Ամէն մարդ թող Տէրոջ յուսայ,
Զի փրկուիլն Անկէ կուգայ,
Ան զԻսրայէլն պիտի փրկէ
Ամէն մեղքէ ու տանջանքէ։