ՀԵ 99, Էլմ. 56, Գաղ. 6։14
1. Երբ այն խաչին ես կը նայիմ,
Ուր որ մեռաւ փառաց Տէրն իմ,
Իմ մեծ շահերս վնաս կը սեպեմ,
Հպարտութիւնս ալ կ’անարգեմ։
2. Չպարծենամ ուրիշ բանով,
Բայց թէ միայն Փրկչիս մահով,
Բոլոր փափագս՝ մեծ կամ չնչին
Ես կը զոհեմ Իր արիւնին։
3. Փառքն արքայից ինծի տրուէր՝
Ան շատ պզտիկ պարգև մըն էր,
Ասանկ Տէրոջ անհուն սիրոյն
Արժան է տալ իմ կեանքս ողջոյն։
1. Երբ այն խաչին ես կը նայիմ,
Ուր որ մեռաւ փառաց Տէրն իմ,
Իմ մեծ շահերս վնաս կը սեպեմ,
Հպարտութիւնս ալ կ’անարգեմ։
2. Չպարծենամ ուրիշ բանով,
Բայց թէ միայն Փրկչիս մահով,
Բոլոր փափագս՝ մեծ կամ չնչին
Ես կը զոհեմ Իր արիւնին։
3. Փառքն արքայից ինծի տրուէր՝
Ան շատ պզտիկ պարգև մըն էր,
Ասանկ Տէրոջ անհուն սիրոյն
Արժան է տալ իմ կեանքս ողջոյն։