Էլմ. 114
1. Ավա՜ղ, իմ Տէրս խաչին վրայ
Մեռաւ արիւնլըւայ,
Իր կեանքն յօժար յանձնեց մահուան,
Փրկել որդ մ’ինձ նման:
1. Ավա՜ղ, իմ Տէրս խաչին վրայ
Մեռաւ արիւնլըւայ,
Իր կեանքն յօժար յանձնեց մահուան,
Փրկել որդ մ’ինձ նման:
Խաչին տակ (2), ուր ես նախ լոյս տեսայ,
Եւ մեղքիս բեռն ինկաւ հոն իսկոյն,
Հաւատքով ես հոն տեսութիւն ստացայ,
Ես արդ երջանիկ եմ օրնիբուն:
2. Ան իմ յանցանքներուս համար
Ո՜հ, ի՜նչ գութ անսահման,
Կըրեց տագնապ, վիշտ չարաչար,
Սիրով մ’անզուգական:
3. Արևն յերկինս ամօթահար
Ծածկեց իր դէմքը լոյս,
Զի մարդկութեան մեղքին համար
Մեռաւ իմ Տէր Յիսուս:
4. Բայց ողբ, արցունք, ո՜հ, չեն կրնար
Իմ պարտքըս վճարել.
Ահա, ո՛վ Տէր, իմ կեանքս յօժար
Կուզեմ Քեզ նըւիրել:
Եւ մեղքիս բեռն ինկաւ հոն իսկոյն,
Հաւատքով ես հոն տեսութիւն ստացայ,
Ես արդ երջանիկ եմ օրնիբուն:
2. Ան իմ յանցանքներուս համար
Ո՜հ, ի՜նչ գութ անսահման,
Կըրեց տագնապ, վիշտ չարաչար,
Սիրով մ’անզուգական:
3. Արևն յերկինս ամօթահար
Ծածկեց իր դէմքը լոյս,
Զի մարդկութեան մեղքին համար
Մեռաւ իմ Տէր Յիսուս:
4. Բայց ողբ, արցունք, ո՜հ, չեն կրնար
Իմ պարտքըս վճարել.
Ահա, ո՛վ Տէր, իմ կեանքս յօժար
Կուզեմ Քեզ նըւիրել: